2016-08-29 10:30:00

Մայր Թերեզայի սրբադասման նախօրեակին` խոկումներ։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 4 սեպտեմբերին Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ հանդիսաւոր արարողութեամբ սուրբերու շարքին պիտի դասուի ''աղքատներէն ամէնէն աղքատին'' ծառայ ու գթութեան միաբանութեան հիմնադիր Քալքութայի Մայր Թերեզան։

Այս առթիւ կը ներկայացնենք անոր կեանքի վկայութենէն ու իմաստալից խօսքերէն հատուածներ։

Երբ մարդիկ Մայր Թերեզային հարցում կ՛ուղղէին իր կեանքին կամ կենսագրութեան մասին ան կը պատասխանէր. ''Չեմ սիրեր իմ մասին խօսիլ, երբ մարդիկ խօսին կամ գրեն իմ մասին, հետեւաբար Յիսուսին մասին աւելի քիչ պիտի խօսին կամ գրեն''։

Իսկ երբ անոր ըսուած է թէ ինք հրաշալի գործեր կը կատարէր պատասխանած է ''ես  միայն փոքրիկ մատիր մըն եմ Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ, Այն Աստուծոյ որ կ՛ուզէ սիրոյ նամակ մը հղել աշխարհին''։

Յիսուսին պատկանիլ Մայր Թերեզայի  համար կը նշանակեր Աստուծոյ տրամադրութեան տակ ըլլալ­, աշխարհի մէջ գործածուելու Անոր ծրագիրներուն համար, առանց սակարկութեան։

Արտայայտուելով աշխարհի մէջ տիրող թշուառութեան եւ աղքատութեան մասին Մայր Թերեզա ըսած է ''Աստուած աղքատութիւնը չէ ստեղծած։ Մենք ստեղծած ենք զայն, որովհետեւ չենք ուզէր մեր ունեցածը իրարու հետ բաժնեկցիլ''։ Եւ այս առընչութեամբ ան իր միաբանակից քոյրերուն կը յորդորեր անջատուիլ աշխարհի հրապոյրներէն ու հրաժարիլ անոր հարստութիւններէն որովհետեւ ''կարելի չէ աղքատներուն օգնել, եթէ մենք չգիտնանք թէ ինչ ըսել է աղքատութիւն''։

Օր մը ամերիկացի լրագրող մը ականատես ըլլալով Մայր Թերեզայի փորոտներու մատուցած  խնամքին Անոր ըսած է ''Եթէ ինծի մէկ միլիոն տոլար նուիրեն, ես այս գործը չեմ ընէր'' ու Սրբուհին անոր պատասխանած է ''ես ալ մէկ միլիոն տոլարով չեմ ընէր, բայց Յիսուսին համար ձրի կ՛ընեմ''։

Մայր Թերեզան յաճախ կը կրկներ ''կարեւոր չէ թէ որքան կու տանք։ Կարեւոր է թէ որքան սէր կը դնենք տալու մէջ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.